ՃԵՐՄԱԿ ՍՏՐԿՈՒԹՈՒՆ

ByAAVR

ՃԵՐՄԱԿ ՍՏՐԿՈՒԹՈՒՆ

Անցած շաբաթ “Աուդիո-Վիզուալ” թիմը այցով գտնվում էր Ստամբուլում, որտեղ մի շարք հանդիպումներ և կլոր սեղան է անց կացրել հայ և թուրք լրագրողների, հասարակական կազմակերպությունների հետ, քննարկելով մի շարք հարցեր մարդկանց թրաֆիքինգի լուսաբանման և հայ և թուրք լրագրողների համագործակցության վերաբերյալ:

Հիշեցնենք, որ ըստ ԱՄՆ Պետքարտուղարության տարեկան “Մարդկանց թրաֆիքինգի մասին” զեկույցի հայ կանայք և աղջիկները սեռական թրաֆիքինգի են ենթարկվում Միացյալ Արաբական Էմիրություններում և Թուրքիայում, իսկ հայ տղամարդիկ հարկադիր աշխատանքի են ենթարկվում Ռուսաստանում և ավելի փոքր ծավալով Թուրքիայում (http://photos.state.gov/libraries/armenia/231771/PDFs/tip2015_arm.pdf):

Ուստի կարևոր է համագործակցության եզրեր փնտրել այլ երկրների հասարակական կազմակերպությունների և լրագրողների հետ հայ թրաֆիքինգի զոհերին բացահայտելու և աջակցելու համար, ապահովելու զոհերի վերաինտեգրումը և ամենակարևորը՝ յուրաքանչյուր դեպքի գրագետ լուսաբանումը:

Ստորև ներկայացնում ենք Թուրքիայում լույս տեսնող հայկական “Ժամանակ” օրաթերթի անդրադարձը “Աուդիո-Վիզուալ” թիմի այցին:

Այս օրերուն Իսթանպուլ կը գտնուին Հայաստանի Լսատեսողական լրագրողներու ընկերակցութիւն հասարակական կազմակերպութեան (Association of Audio-Visual Reporters) ներկայացուցիչները, որոնք քաղաքին մէջ Երեքշաբթի կազմակերպեցին կլոր սեղան մը՝ մարդկային շահագործման (թրաֆիքինկ) նիւթով եւ հանդիպումներ պիտի ունենան այս նիւթի շրջագծէն ներս:

Իսթանպուլ մեկնելէ առաջ ԺԱՄԱՆԱԿ Երեւանի մէջ ընկերակցութեան գրասենեակէն ներս հանդիպում մը ունեցաւ Լսատեսողական լրագրողներու ընկերակցութեան հիմնադիր-նախաdeleteգահ Արզուման Յարութիւնեանի հետ, որ մանրամասնեց Իսթանպուլ իրենց այցելութեան նպատակ-ները եւ ընելիքները:

Մինչ այդ, նշենք, որ ընկերակցութիւնը հիմնուած է 2003 թուականին եւ նպատակ ունի աջակցիլ Հայաստանի մէջ քաղաքացիական հասարակութեան կայացման: Իր գործունէութեան տարինե-րու ընթացքին ընկերակցութիւնը իրականացուցած է եւ կը շարունակէ իրականացնել Հայաս-տանի մէջ մարդկային բռնութեան՝ ստրկական, սեռական, բռնի եւ չնչին վարձատրութեամբ աշ-խատանքի տեսքով անօրինական շահագործման պայքարի տեղեկատուական հարթակի զար-գացումը, խթանած է եւ կը խթանէ ընկերային գովազդի անվճար տարածումը, կ՚իրականացնէ տեղեկատուական քարոզարշաւ՝ ընդդէմ մարդկային բռնութեան: Ընկերակցութիւնը միաժամա-նակ մաս մը կազմէ Հայաստանի կառավարութեան առընթեր մարդկային շահագործման դէմ պայքարի խորհուրդի աշխատանքային խումբին:

Թուրքիա այցն ալ մարդկային շահագործման մասին լրագրողական եւ այլ մակարդակներէ ներս իրազեկում ընելու, տուեալներ հաւաքելու եւ փորձի փոխանակում կատարելու արշաւի իրականացման ծրագրերէն մէկն է։

-Պարոն Յարութիւնեան, ի՞նչ ծրագրով կը գտնուիք Թուրքիա:

-Ծրագիրը, զոր արդէն երրորդ տարին ըլլալով կ՚իրականացնենք, կը կոչուի «Տեղեկատուական ամպիոնի զարգացում Հայաստանի մէջ՝ ընդդէմ մարդկային բռնութեան»: Այդ ծրագիրը իր մէջ կը ներառէ ոչ միայն Հայաստանի լրագրողներու բաղկացուցիչ պահը՝ ինչպէս լուսաբանել մարդկային բռնութեան նիւթերը, այլ նաեւ զարգացումները կը տանինք դէպի միջազգային հա-մագործակցութիւն: Իսկ մեր այցը Թուրքիա նաեւ պայմանաւորուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութեան ամենամեայ հաշուետուութեան այն մասով, ուր մասնաւորապէս կը նշուի, թէ բարենպաստ կ՚ըլլար, որ սկսուի այդ պայքարին՝ հայ-թրքա-կան համագործակցութեան գետնի վրայ: Այս ուղղութեամբ մենք կարծես, թէ առաջին քայլերը կը նետենք: Առայժմ մենք լրագրութեան դաշտին մէջ պիտի սկսինք մեր համագործակցութեան՝ հետագայ զարգացումները փոխանցելով մեր գործընկերներուն, առանձնապէս ալ հետագային պիտի նպաստենք՝ թէ՛ տեղեկատուութիւնը հասցնելով հոն գտնուող հայաստանցիներուն եւ թէ օգտակար ըլլալով անոնց այնտեղէն տեղափոխման: Այսինքն, այս այցէն ետք, ընդդէմ մարդկա-յին շահագործման բոլոր քայլերը մենք կը փորձենք համագործակցաբար իրականացնել թրքա-կան կողմին հետ։ Տեսնենք, թէ ի՛նչ արդիւնք կ՚ունենայ։

-Այսինքն, ոչ միայն իրազեկում պիտի իրականացնէք, այլ նաեւ՝ գործնական քայլեր պիտի կա-տարուի՞ն:

-Այս այցելութիւնը հիմնականը հետազօտութեան նպատակ ունի՝ ընդհանրապէս մարդկային շահագործման դէմ պայքարի թրքական տեղեկատուական դաշտի գործունէութեան միջոցներն ու ձեւերը կը փորձենք հասկնալ ու տեսնել, թէ որքանո՛վ կարելի է զանոնք ներգրաւել հայկա-կան կողմի գործողութիւններուն, որքանո՛վ անոնք ընդհանուր եզրեր ունին:

-Իսկ դիւանագիտական յարաբերութիւններու բացակայութեան պայմաններուն մէջ, ինչպէ՞ս կարելի է իրականութիւն դարձնել այդ համագործակցութիւնը:

-Մարդկային շահագործումը իր էութեամբ անդրազգային յանցատեսակ մըն է, այստեղ ազգա-յին պատկանելիութիւնը որպէս այդպիսին, երկրորդ փլան կը մղուի: Բոլոր յառաջադէմ երկիր-ները հակուած են, որպէսզի համատեղ ուժերով պայքար մղուի այս չարիքի դէմ, քանի որ որ-պէս օրէնք, այս յանցատեսակը մէկ երկրի մէջ չի կատարուիր, գոյութիւն ունին ծագման երկիր-ներ եւ ընդունող երկիրներ, այսինքն կան սահմանահատումներ, որոնց միջոցաւ երկրէ երկիր մարդիկը խաբելով կը տեղափոխեն եւ կ՚ենթարկեն ստրկութեան:

Չունենալով Թուրքիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ, այնուհանդերձ, Ինթերփոլի մակարդակով այսօր Հայաս-տանը կը գործակցի Թուրքիոյ հետ: Եւ Ինթերփոլի միջոցաւ է, որ մենք կը կարողանանք շահա-գործման ենթարկուածները Թուրքիայէն տեղափոխել Հայաստան: Այսինքն, կայ համագործակ-ցութեան ձեւ մը: Մեր առջեւ դրուած խնդիրն է այդ համագործակցութիւնը տեղափոխել նաեւ հասարակական դաշտ, փորձել քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւններու եւ լրատուամիջոցներու միջեւ ալ սկսիլ համագործակցութեան եւ նպաստել նախ եւ առաջ նուա-զեցնելու շահագործման ենթարկուածներու քանակը: Մենք շահագործման ենթարկուածները այս պարագային կը կոչենք զոհեր:

-Ինչո՞ւ իբրեւ թիրախ ընտրուած է Թուրքիան:

-Ցաւօք սրտի, մենք այսօր Հայաստանէն ունինք զոհեր Թուրքիոյ մէջ, մանաւանդ սեռական գետնի վրայ շահագործում տեղի կ՚ունենայ: Շատեր անգիտակցաբար կ՚ենթարկուին խարդախ-ներու գործունէութեան ու կը դառնան զոհեր: Մեր նպատակը այս յանցատեսակը նուազեցնելն է:

Մեկնելով մարդկային շահագործման դէմ այսօր ծաւալուող պայքարէն, մեկնելով 21-րդ դարուն մարդկային ատելութենէն այդ երեւոյթին դէմ, յոյսով ենք, որ թրքական կողմը բաւականաչափ դրական կը վերաբերուի մեր այս այցին։ Քանի որ ի վերջոյ, երբ խօսքը կը վերաբերի մարդուն, անհատին, վերանալով մեր ազգային պատկանելիութենէն, իւրաքանչիւրը կը մտածէ երբեւէ չիյնալ այս ցանցին մէջ: Չեմ կարծեր, որ այստեղ ազգային պատկանելիութիւնը առաջնային դեր կը խաղայ։ Ուստի մենք ողջամիտ վերաբերմունք եւ աջակցութիւն կը կ՚ակնկալենք:

-Հայաստանէն մինչեւ հիմա ինչպիսի՞ պայքար մղուած է՝ մարդկային շահագործումը դադրեց-նելու առաջադրութեամբ:

-Հայաստանէն Թուրքիա պայքարներ մղուած են անցեալի մէջ: Ցաւօք սրտի, անոնք շարունա-կութիւն չեն ունեցած: Այդ աշխատանքները տարուած են թէ՛ հասարակական դաշտէն, թէ՛ Հա-յաստանի մէջ գործող միջազգային կազմակերպութիւններէն ներս, բայց ժամանակի ընթացքին կանգ առած է: Եւ հիմա մենք կը փորձենք թարմացնել այդ ամէն ինչը: Եկած է նոր սերունդ, ե-կած են նոր մօտեցումներ, Հայաստանի դիրքորոշումները փոխուած են այս յանցատեսակին հանդէպ, եւ պայքարը այսօր պէտք է դրուի նոր մակարդակի մը վրայ: Ըսեմ նաեւ, որ անցեալի մէջ տեղեկատուական համագործացկութիւն չէ եղած, եղած է համագործակցութիւն՝ զոհերուն աջակցող հասարակական կազմակերպութիւններու հետ։ Բայց այս մէկը առաջին անգամ ըլլա-լով՝ տեղեկատուական դաշտին մէջ համագործակցութեան եզրեր պիտի որոնենք:
Մենք արդէն յաջողած ենք կապ հաստատել հասարակական կազմակերպութիւններու, միջազ-գային կառոյցներու ներկայացուցիչներու եւ քանի մը թրքական լրատուամիջոցներու հետ:

Պիտի փորձենք գործածել նաեւ հայկական համայնքի, կառոյցներու, լրատուամիջոցներու ուժերը:

Պոլսոյ Պատրիարքութենէն արդէն պատրաստակամութիւն յայտնած են 10 Սեպտեմբերին (այ-սօր) ընդունելու համար մեր ընկերակցութեան անդամները։ Պատրիարքական Ընդհանուր Փո-խանորդին հետ պիտի հանդիպինք ու պիտի ներկայացնենք մեր մտահոգութիւնները, մանա-ւանդ գիտենք, որ Պատրիարքութիւնը այսօր բաւականաչափ աշխատանք կը տանի՝ Հայաստանէն Թուրքիա մեկնած մարդոց հետ՝ վտանգներու եւ այլ հարցերու մասին զգուշացնելով զանոնք:

Պիտի փորձենք տեղական ոստիկանութիւններու հետ հանդիպիլ՝ հասկնալու համար, թէ ի՞նչ ձեւով կրնանք գործակցիլ գոնէ առայժմ տեղեկատուական մակարդակով:

-Պիտի փորձէ՞ք հանդիպիլ շահագործման ենթարկուածներուն հետ:

-Միանշանակ: Անպայման պիտի փորձենք զոհերուն հետ հանդիպիլ: Գիտենք համապատաս-խան հասարակական կազմակերպութիւններ, որոնք կ՚աշխատին զոհերուն հետ։ Անոնց միջո-ցաւ ալ զոհերուն հետ հանդիպումներու ընթացքին պիտի հասկնանք, թէ ի՞նչ պայմաններ զա-նոնք տարած են Թուրքիա եւ ո՞ր կէտերու վրայ գործուած են սխալները, որոնց պատճառով յայտնուած են շահագործողներու ձեռքը: Այսինքն, այդ ամէն ինչը նախնական մակարդակի վրայ պարզաբանելու պիտի պարզաբանենք եւ այդ տեղեկատուութիւնը պիտի բերենք ու տա-րածենք Հայաստանի մէջ, որպէսզի պարզ դառնայ, թէ Թուրքիոյ հետ կապուած ինչպիսի՛ վտանգներ կրնան ծագիլ:

-Շահագործման ենթարկուածներուն թիւը հետզհետէ կը նուազի՞, թէ՝ կը շատնայ:

-Վիճակագրութիւնը ցոյց կու տայ, որ հետզհետէ կը նուազի: Մենք մեզի հետ կը տանինք նաեւ Հայաստանի ոստիկանութեան տրամադրած տեղեկատուութիւնը, թէ 2008-2014 թուականներու միջեւ Թուրքիոյ հետ կապուած մենք քանի՞ դէպք ունեցած ենք, եւ մեր ունեցած այդ վիճակագ-րութիւնը ցոյց կու տայ, որ միտումը կը նուազի: Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նա-խարարութեան տուեալներով՝ արդէն երրորդ տարին ըլլալով՝ Հայաստան մարդկային շահա-գործման դէմ պայքարող երկիրներու շարքին առաջին խումբին մէջ տեղ կ՚առնէ: Այս մէկը ի հարկէ, իրականութիւն դարձած է իրաւական մարմիններու, լրագրողներու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու լաւ աշխատանքի շնորհիւ:

-Ըսիք, որ մարդկային շահագործման դէմ պայքարը անդրազգային է, այսինքն միայն հայ զոհե-րուն չէ ուղղուած ձեր աշխատանքը:

-Այո, ամէն ինչ պիտի ընենք, որպէսզի զանազան ազգութիւններու, բոլոր երկիրներու զոհերու հետ կապուած տիրապետենք իրավիճակին: Շահագործողները միշտ կէս քայլ առաջ են։ Մեր ա-մէն մէկ բացայայտումէն յետոյ անոնք նոր քայլերու կը ձեռնարկեն, նոր միջոցներ կը կիրառեն, ուստի այդ հետազօտութիւնները, զանազան երկիրներու հետ կապուած, մեզի հասանելի պիտի ըլլան, որպէսզի մենք հասկնանք, թէ ի՛նչ կայ ուրիշ երկրի մը մէջ եւ չկայ Հայաստանի մէջ, վտանգի պարագային ինչպէ՞ս կարելի է կանխարգիլել:

Այսօր աշխարհի մէջ արդէն ամէն մարդ բացէ ի բաց կը խօսի բռնութիւններու, կոտորածներու, անցեալի մէջ եղած դէպքերու մասին: Եթէ դուն այսօր չպայքարիս, կրնայ ըլլալ վաղն ալ դուն ենթարկուիս այդ ամէն ինչին: Ստրկութիւնը, բռնութիւնը, շահագործումը ազգային պատկանե-լիութիւն չունին:

ՃԵՐՄԱԿ ՍՏՐԿՈՒԹԻՒՆ

Թրաֆիքինկը մարդոց՝ ստրկական, սեռական, բռնի եւ չնչին վարձատրութեամբ աշխատանքի տեսքով անօրինական շահագործումն է։ Ան ծանր, անդրսահմանային, կազմակերպուած յանցա-գործութիւն մըն է եւ նոյնչափ շահութաբեր, ինչպէս նաեւ թմրամիջոցներու եւ զէնքերու ապօ-րինի վաճառքը։ Անձերու, մանաւանդ՝ կիներու եւ երախաներու շահագործումը կանխարգիլե-լու, զսպելու եւ պատժելու մասին արձանագրութիւնը ընդունուած է Միացեալ ազգերու կազմա-կերպութեան (ՄԱԿ) կողմէ՝ 2000 թուականին, Իտալիոյ Փալերմօ քաղաքին մէջ եւ ան ՄԱԿ-ի՝ «Անդրազգային կազմակերպուած յանցագործութիւններու դէմ» արձանագրութեան մաս կազ-մող միջազգային համաձայնագիրն է:

Մարդկային շահագործումը կը նկատուի շահութաբեր արտադրութիւն։ 2004 թուականին ամ-բողջ աշխարհի տարածքին մարդկային շահագործումէն ստացուած տարեկան եկամուտը գնա-հատուած է 5-9 միլիառ ամերիկեան տոլար։

Ըստ 2008 թուականի ՄԱԿ-ի տուած գնահատականներուն՝ տարեկան մօտաւորապէս 2.5 միլիոն հոգի՝ 127 երկիրներէ 137 զանազան երկիրներու մէջ կ՚ենթարկուի մարդկային շահագործումի: Բայց եւ այնպէս, յստակ չեն այս տուեալները, որոնք միայն գնահատականներ են եւ կրնան ա-նընդհատ փոխուիլ, քանի որ շահագործումը շարունակաբար կատարուող գործողութիւն մըն է:

Մարդկային շահագործումը կը տարբերի մարդոց մաքսանենգութենէն: Մաքսանենգութեան ժա-մանակ մարդիկ կամաւոր կը դիմեն մաքսանենգներու՝ զիրենք գաղտնի, անօրինական կերպով մէկ վայրէն միւսը տեղափոխելու համար։ Այս պարագային անօրինական փաստաթուղթերու մէջ խարդախութիւններ, սխալ տուեալներ կրնան չըլլալ, իսկ ժամանումէն յետոյ մաքսանեն-գուած անձը կրնայ ինքը ընտրել իր ճանապարհը։

Մինչդեռ մարդկային շահագործման զոհերուն կ՚արգիլուի ժամանումէ յետոյ հասնիլ իրենց նպատակային վայրը, անոնք իրենց կամքէն անկախ, բռնի կերպով կը պահուին եւ կը կատա-րեն հարկադրական աշխատանք։ Իսկ թէ ո՛րն է հարկադրական աշխատանքը, անոր բնոյթը նկարագրուած է Մարդկային շահագործման մասին արձանագրութեան մէջ. շատ յաճախ զոհերը ընդհանրապէս վարձատրութիւն ալ չեն ստանար, կամ կը ստանան շատ չնչին գումար մը՝ ի-րենց կատարած աշխատանքին փոխարէն։

Մարդկային շահագործման ենթարկուած անձը հարկադրուած աշխատանք կը կատարէ հետե-ւեալ պայմաններով.

Աշխատանք պարտքի դիմաց, օրինակ՝ որպէս վճար՝ որեւէ երկիր զինք տեղափոխելու համար:

Աշխատանք բռնի ուժով, այսինքն, երբ ուղղակի կը տնօրինեն մարդը:

Սեռական բռնութիւն. զոհերը հիմնականը թերահասներ, որբեր կամ պատանիներ կ՚ըլլան, բայց կրնան ըլլալ նաեւ թէ՛ կիներ եւ թէ տղամարդիկ, որոնք աւելի խոցելի են. կը գտնուին հոգեպէս կամ նիւթապէս ծանր վիճակի մէջ։
Անչափահասներու աշխատանք. սովորաբար երախաներուն կը հասցուին ֆիզիքական, հոգե-բանական, ընկերային եւ բարոյական մեծ վնասներ, զանոնք կը զրկեն կրթութենէ, զարգացու-մէ եւ ընտանիք ունենալէ։

Ճիշդ է՝ բուն շահագործման համար մէկ վայրէ միւսը երթալը անհրաժեշտ պայման մը չէ, բայց զոհերու համար «աշխատատեղիներ» գտնող յանցագործները սփռուած են զանազան երկիրնե-րու մէջ եւ կը ճանապարհորդեն նշուած նպատակով։ Խարդախութեամբ, խաբէութեամբ անոնք աշխատանքի կը տեղաւորեն զոհերը, որոնք շատ աւելի ուշ կը տեղեկանան իրենց իրական աշ-խատանքի բնոյթի եւ իրական աշխատավարձի քանակութեան մասին։

Մարդկային շահագործումի այս տեսակը կը կոչեն ճերմակ ստրկութիւն:

Միջազգային կառոյցները եւ պետութիւնները, այդ կարգին նաեւ Հայաստանը, մեծ պայքար կը մղեն մարդկային շահագործումի դէմ: Հայաստանի Հանրապետութեան քրէական օրէնսգրքին համաձայն՝ անչափահասները շահագործման ենթարկելը կը պատժուի ազատազրկմամբ՝ եօթէն տասը տարի ժամկէտով, գոյքի բռնագրաւմամբ կամ առանց ատոր, որոշակի պաշտօններ զբա-ղեցնելու կամ որոշակի գործունէութեամբ զբաղելու իրաւունքէ զրկելով:

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

***

տեկստում որոշ անվանումներ և եզրույթներ հարմարեցված են պոլսահայերենին

 

Սկզբնաղբյուր՝ Ճերմակ ստրկություն 

Share

About the author

AAVR administrator